2016-04-15 10:59:00

Լիբանան. Նախագահական ընտրութեան յաջորդ նիստը` 18 Ապրիլին


Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հինգշաբթի, 15 ապրիլ 2016-ին,  կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութեան յաջորդ նիստը գումարելու երկուշաբթի, 18 ապրիլին:

Իրաքցի հոգեւոր պետերէն Ալի Սիստանիի ներկայացուցիչ Ժաուատ Շահրիստանիի ի պատիւ տրուած ճաշկերոյթին առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Պըրրի շեշտեց շրջանին մէջ կայունութեան ամրապնդումը:

Նշենք, որ ճաշկերոյթին ներկայ էին նաեւ պետական, քաղաքական եւ հոգեւոր անձնաւորութիւններ, որոնց կարգին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան եւ հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.